2016-08-10 11:15:00

Սերժ Սարգսեան-Վլատիմիր Փութին հանդիպումը` այսօր


Այսօր Մոսկուայի մէջ կը հանդիպին նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Բանակցութիւններ կ’իրականացնեն քաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ փոխգործակցութեան հարցերու շուրջ, ինչպէս նաեւ կը քննարկեն միջազգային ու տարածաշրջանային խնդիրներ:

«Բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն ընթացքին կը ծրագրուի քննարկել փոխգործակցութեան հանգուցային հարցերը քաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ հումանիտար բնագաւառներուն մէջ, արծարծել ընդելուզման գործընթացներու առաջշարժումը եւրասիական տարածքին մէջ,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:- Կը սպասուի, որ նաեւ կարծիքներ  փոխանակուին միջազգային ու տարածաշրջանային  շարք մը խնդիրներու շուրջ»,- հաղորդած է Գրէմլի մամլոյ ծառայութիւնը:

Յայտնենք թէ այս շաբաթ ռուսական պետութեան ղեկավարը այցելած էր Պաքու, ուր հանդիպում ունեցած էր Ատրպէյճանի եւ Իրանի ղեկավարներ Իլհամ Ալիեւի եւ Հասան Ռուհհանիի հետ: Երբ արծարծուած էր ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորումը, Փութին յայտարարած էր, որ Ռուսիան պիտի ձգտի, որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը գտնեն հակամարտութեան երկուստէք ընդունելի լուծում:








All the contents on this site are copyrighted ©.